As fate would have it, the Armenian Apostolic Church was under the terrible pressure of Communist yoke for more than seventy years. The church was not able to have free thought, an independent way of working for the word of Christ, and to illuminate or to instruct the clergy. Along with all that, the spiritual center of Holy Etchmiadzin was working with very few students. However, no clergyman who graduated from this seminary would ever serve outside of Armenia - in the United States or anywhere else.
Perhaps, due to the situation of not receiving clergy from the homeland, the late Archbishop Tiran Nersoyan was moved to having the vision and establishing a seminary which bears the name of the Catholicos, St. Nersess the Grace-filled. In 1961, under humble circumstances, the seminary opened its doors to the youth with a rich and various programs. From the first day of its existence, the seminary has given dozens of graduates, who with their wealth of spiritual knowledge have become the Armenian Apostolic Church's dedicated servants, as well as teachers of God's word and light.
Today, the circumstances have changed. Very soon, the seminary will move to a new campus where each student will be able to have more suitable conditions.
We are thankful and grateful to the seminary's dean, the Rev. Fr. Mardiros Chevian, for his work and dedication in increasing the student body, improving their conditions, giving them an Armenian education, refining the relations with the seminary in the homeland and Holy Etchmiadzin and helping to create a way to making all of this a reality.
Directing my humble word and message to the youth, I suggest that they come, see, believe and become students of St. Nersess Theological Seminary, so they may lead our faithful to new, spiritual heights.
Khoren Mekanejian
Director, Diocesan Department of Music Ministry
Recognized Artist/Professor of the Republic of Armenia
Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարան
Մեծագոյն հաճոյքն ունիմ դասաւանդելու Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանէն ներս, աւելի քան քսան տարիներ։ Դասաւանդման տարբեր տարիներուն, Ընծայարանի աշակերտները առիթը ունեցած են սորվելու Հայ Եկեղեցւոյ շարականները, հոգեւոր հիմները, Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը, ինչպէս նաեւ պատարագիչ քահանայի ի ձայն աղօթքները։
Ճակատագրի բերումով, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը գտնուէր համայնավարական լուծի դաժան ճնշման տակ, եօթանասուն եւ աւելի տարիներ։ Եկեղեցին չէր կրնար ունենալ ազատ մտածողութիւն, անկախ գործելաոճ եւ Քրիստոսի խօսքը, եւ լոյս տարածող եւ սորվեցնող հոգեւորականներ։ Հակառակ անոր որ կը գործէր Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանը, եւ հոն աւարտած որեւէ հոգեւորական չէր գործուղուէր արտասահման, Միացեալ Նահանգներ եւ այլուր։
Մայր Հայրենիքէն հոգեւորականներ չստանալու հանգամանքն էր թերեւս, որ ստիպեց երջանկայիշատակ Տիրան Արքեպիսկոպոս Ներսոյեանը, տեսիլքը տեսնելու եւ հիմնելու Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին անունը կրող Հոգեւոր Ընծայարանը։ 1961 թուականին, համեստ պայմաններու ներքոյ, Ընծայարանը իր դռները բացաւ երիտասարդներուն առջեւ, հարուստ եւ բազմազան ծրագիրներով։ Իր գոյութեան օրէն՝ Ընծայարանը տուաւ քանի մը տասնեակ շրջանաւարտներ, որոնք իրենց կրօնական հարուստ գիտելիքներով դարձան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներու նուիրեալ սպասաւորները, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ խօսքը եւ լոյսը տարածող ուսուցիչները։
Այսօր, փոխուած են պայմանները։ Շուտով, Ընծայարանը պիտի տեղափոխուի մէկ նոր տարածք, ուր իւրաքանչիւր ուսանող պիտի կարենայ աւելի յարմարաւետ պայմաններ ունենալ։
Ուսանողներու հաւաքագրման, պայմաններու բարելաւման, անոնց հայեցի դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ Ընծայարանը Մայր Հայրենիքին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին կապելու եւ օժանդակելու ծրագիրներու իրականացման ճանապարհին, մենք շնորհակալական եւ շնորհաւորական խօսք ունինք ըսելու Ընծայարանի տնօրէն՝ Արժանապատիւ Տէր Մարտիրոս Աւագ Քահանայ Չեւեանին, իր անմնացորդ քրտնաթոր աշխատանքին համար։
Իմ համեստ խօսքս եւ պատգամս ուղղելով երիտասարդներուն, կ՛առաջարկեմ որ գան, տեսնեն, հաւատան եւ դառնան ուսանողները Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանին, առաջնորդելու համար մեր հաւատաւոր ժողովուրդը դէպի նորանոր հոգեւոր բարձունքներ։
Խորէն Մէյխանէճեան
Առաջնորդարանի երաժշտական գրասենեակի տնօրէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արտիստ-Փրօֆէսօր