During my visits to the Seminary’s summer youth conferences as an instructor to impart knowledge about our cultural treasures, I have witnessed the great interest of the students as they enthusiastically consumed and appropriated information about luminaries and achievements in our cultural timeline that are the source of our pride.
St. Nersess Seminary has taken on a unique role in our community, and we are happy to state that this establishment continues its course crowned with success.
Gilda Buchakjian (Kupelian), Director
Armenian Studies Program
Diocese of the Armenian Church of America (Eastern)
Երջանկայիշատակ Գերաշնորհ Տիրան Արք.Ներսոյեանի մտապատկերը իրականութիւն դարձաւ երբ Սուրբ Ներսէս Ընծայարանը իր դռները բացաւ 1961-ին` կրօնական եւ հայեցի ամբողջական ուսմամբ տածելու հայ հոգեւորականներ եւ յատկապէս Ամերիկածին ուսանողներ: Բոլորիդ ծանօթ Ընծայարանի անհամեմատելի ծառայութեան արժանիքը եւ յաջողութեան ապացոյցը կը կայանայ հերթական անզուգական տնօրէններու ղեկավարութեան:
Երբ այցելած եմ Ընծայարանը ամառնային դասընթացքներուն` մեր մշակոյթի ծանօթ եւ երբեմն թաքուն հարստութիւններուն մասին գիտելիքներ բաժնելու - մեծ գոհունակութեամբ ականատես եղած եմ աշակերտներուն հետաքրքրութեան եւ իրազեկութեան երբ հպարտանքի արժանի դէմքերու եւ նուաճումներու մասին գիտելիքներ կը կլանէին եւ կ’իւրացնէին:
Սուրբ Ներսէս Ընծայարանը եզակի դեր ստանձնած է մեր համայնքին մէջ եւ ուրախ ենք նշելու որ այս հաստատութիւնը կը շարունակէ իր ուղեւորութիւնը յաջողութեամբ պսակուած:
Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանի
Հայագիտական Ուսմանց Բաժանմունքի Տնօրէն`
Կիլտա Պչաքճեան (Քիւփէլեան)