I highly value and appreciate the work that the faculty of the Seminary do in order to continue the work of our forefathers and the dream of the late Archbishop Tiran Nersoyan, to educate our younger generation, to prepare future servants for the vineyard of our Lord, and create all learning possibilities for adults.
I strongly encourage everyone to stand by St. Nersess Seminary and support its important mission in the United States.
Rev. Fr. Mesrob Hovsepyan
Pastor of St. Gregory the Enlightener Armenian Church
White Plains, NY
Գրեթէ տասը տարի է, որ առիթը ունեցայ առաջին անգամ այցելելու Ս. Ներսէս Ընծայարանը: Այն Հայաստանէն դուրս գտնուող սակաւ հայ կրօնական կրթօճախներէն առաջինն էր, որ այցելելու պատիւն ունեցայ Սեւանի Վազգէնեան Դպրանոցը եւ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը աւարտելէ ետք: Ս. Ներսէս Ընծայարանը բացառիկ հաստատութիւն մըն է Միացեալ Նահանգներուն մէջ, որ ոչ միայն ապագայ հոգեւորականներ պատրաստելու նուիրական գործին լծուած է, այլ առաւելաբար Սփիւռքի մեր հազարաւոր հայորդիներուն կը ներշնչէ եւ կ'օժանդակէ յայտնաբերելու իրենց հարուստ մշակոյթը, կրօնքը, եւ Մեսրոպատառ Հայոց լեզուն:
Իմ խորին երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը կը յայտնեմ Ընծայարանի տեսչական ու դասախօսական կազմին, որ նուիրեալ կերպով կը շարունակէ Հոգելոյս Տ. Տիրան Արք. Ներսոյեանի տեսիլքը` մեր երիտասարդ սերունդը կրթելու, ապագայ հոգեւոր սպասաւորներ պատրաստելու, եւ աւագ սերունդին համար կրթական հնարաւոր միջոցներ ստեղծելու նուիրական աշխատանքի շարունակմամբ:
Կը քաջալերեմ բոլորին Ս. Ներսէս Ընծայարանին շուրջը համախմբուիլ եւ օժանդակել անոր կարեւոր առաքելութեան Միացեալ Նահանգներէն ներս:
Տ. Մեսրոպ Յովսէփեան
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ